Հրահանգներ՝ Ծառայութեան ժողովին մէջ բաժին ունեցողներուն համար
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին այս թիւէն սկսեալ, Ծառայութեան ժողովի յայտագրին շարադրութիւնը աւելի պարզ դարձած է։ Հետեւեալ հրահանգներն ու յիշեցումները պիտի այժմէականացնեն ու յստակացնեն ինչ որ ըսուած էր «Ծառայութեան ժողովին ի՛նչպէս պատրաստուիլ» յօդուածին մէջ, որ լոյս տեսաւ մայիս 2009–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։
◼ Դասախօսութիւն։ Ասիկա կ’ակնարկէ դասախօսութեան մը, որ հիմնուած է նշանակուած նիւթին վրայ, առանց ներկաներուն մասնակցութեան։ Դասախօսը պէտք է կեդրոնանայ այն տեղեկութիւններուն վրայ, որոնք ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլան։
◼ Հարց–պատասխան։ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան նման, այս բաժինը համառօտ բացում ու եզրափակութիւն ունի, եւ բոլոր պարբերութիւններուն հարցումները պիտի կարդացուին։ Վարիչը չափազանց մեկնաբանելէ պէտք է խուսափի։ Բանալի համարները կարելի է կարդալ, ժամանակին ներած չափով։ Պարբերութիւնները պէտք չէ կարդացուին, բացի եթէ ցուցմունք տրուած է որ կարդացուին։
◼ Քննարկութիւն։ Ասիկա դասախօսութիւն է եւ կը պարփակէ որոշ մասնակցութիւն ներկաներուն կողմէ։ Անիկա լոկ դասախօսութիւն մը չէ, ոչ ալ բոլորովին հարց–պատասխան է։
◼ Ցուցադրութիւններ եւ հարցազրոյցներ։ Ցուցադրէ կը նշանակէ, թէ բաժինը ներկայացնող եղբայրը պատասխանատու է որ ցուցադրութիւն մը պարփակէ. անհրաժեշտ չէ որ ան անձամբ ցուցադրութեան մասնակցի։ Իր ընտրած անհատները ատակ եւ օրինակելի պէտք է ըլլան, եւ եթէ կարելի է, բաւական առաջուընէ անոնց հետ կարգադրութիւններ պէտք է ընէ։ Յանձնարարելի է նորեկ եւ անփորձ հրատարակիչներ չգործածել, քարոզչութիւնը կատարելու կերպը ցուցադրելու, պարզապէս ամպիոն բարձրանալու պատեհութիւնը անոնց տալու համար, թէեւ ոմանք կրնան գործածուիլ որպէս տանտէրներ։ Ներկայացում մը ցուցադրող հրատարակիչները պէտք է ներկաներուն կողմը նային։ Հարցազրոյց–ի մասնակցողները իրենց մեկնաբանութիւնները պէտք է ներկայացնեն ամպիոնէն, եւ ոչ թէ՝ իրենց նստած տեղէն։ Ցուցադրութիւններն ու հարցազրոյցները պէտք է փորձ ընել։ Եթէ ժողովը տրամադրուած ժամանակէն աւելի պիտի առնէ եւ եղբայր մը իր բաժինը պէտք է կարճ պահէ, ան ցուցադրութիւնները կամ հարցազրոյցները պէտք չէ ջնջէ։ Օգնական ծառաները մասնակցողները ընտրելէ առաջ, երէցներու մարմինի համակարգողին կամ այլ երէցի մը կարծիքը պէտք է առնեն։
Եթէ մասնայատուկ բաժին մը մասնաւոր ցուցմունքներ ունի, ուշադրութեամբ անոնց պէտք է հետեւիլ։ Ծառայութեան ժողովի բաժինները վերոնշեալ կերպով ներկայացնելով, եղբայրները պիտի նպաստեն որ Ծառայութեան ժողովները «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» ըլլան (Ա. Կոր. 14։40)։