Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ06 6/1 էջ 18-էջ 21 պարբ. 14
  • Սաղմոսներու երկրորդ հատուածէն աչքառու կէտեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սաղմոսներու երկրորդ հատուածէն աչքառու կէտեր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱ ՄԵՐ «ԱՊԱՒԷՆՆ ՈՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆ Է»
  • (Սաղմոս 42։1–50։23)
  • «Ո՛Վ ԻՄ ԱՆՁՍ, ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՊԱՍԷ»
  • (Սաղմոս 51։1–71։24)
  • «Բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը»
  • Սաղմոսներու առաջին հատուածէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ներշնչուած երգեր, որոնք կը մխիթարեն եւ կը սորվեցնեն
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Սաղմոսներու հինգերորդ հատուածէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Սաղմոսներու երրորդ ու չորրորդ հատուածներէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
դ06 6/1 էջ 18-էջ 21 պարբ. 14

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Սաղմոսներու երկրորդ հատուածէն աչքառու կէտեր

ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաներ ըլլալով, կ’ակնկալենք փորձութիւններ դիմագրաւել։ «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ փորձութիւններու եւ հալածանքներու տոկանք, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը ապացուցանելով։

Սաղմոսներու հինգ հատուածներուն երկրորդը այդ օգնութիւնը կը հայթայթէ։ 42-72–րդ սաղմոսները ցոյց կու տան թէ եթէ կ’ուզենք փորձութիւններու տոկալ, Եհովայի լիովին պէտք է վստահինք ու ազատումի համար իրեն սպասել սորվինք։ Ասիկա մեզի համար ի՜նչ թանկագին դաս մըն է։ Սաղմոսներու երկրորդ հատուածին պատգամը, Աստուծոյ Խօսքին մնացեալ մասերուն նման, արդարեւ «կենդանի է ու զօրեղ»՝ նոյնիսկ այսօր։—Եբրայեցիս 4։12

ԵՀՈՎԱ ՄԵՐ «ԱՊԱՒԷՆՆ ՈՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆ Է»

(Սաղմոս 42։1–50։23)

Ղեւտացի մը աքսորեալ է։ Ան տխուր է, քանի որ չի կրնար Եհովայի սրբարանը երթալ պաշտամունքի համար։ Ան ինքզինք կը մխիթարէ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա»։ (Սաղմոս 42։5, 11. 43։5) Այս կրկնուած համարը Սաղմոս 42–ի եւ 43–ի երեք տուները կը միացնէ, զանոնք մէկ քերթուածի վերածելով։ Սաղմոս 44–ը Յուդայի ի նպաստ աղերս է, որ նեղութեան մատնուած է,– թերեւս Եզեկիա թագաւորին օրերուն, երբ Ասորեստանցիները սպառնացին ներխուժել։

Սաղմոս 45–ը, որ արքայական հարսանիքի մը մասին տաղերգութիւն մըն է, Մեսիական Թագաւորին մասին մարգարէաբար կը խօսի։ Յաջորդ երեք սաղմոսները Եհովան կը նկարագրեն որպէս ‘ապաւէն ու զօրութիւն’, «բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր» եւ «միջնաբերդ»։ (Սաղմոս 46։1. 47։2. 48։3, ԱՎ) Սաղմոս 49–ն որքա՜ն գեղեցիկ կերպով ցոյց կու տայ թէ մէկը «բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը»։ (Սաղմոս 49։7) Երկրորդ հատուածին առաջին ութ սաղմոսները Կորխի որդիներուն կը վերագրուին, իսկ իններորդը՝ Սաղմոս 50–ը, Ասափ յօրինած է։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

44։19—«Չագալներուն եղած տեղը» ի՞նչ էր։ Թերեւս սաղմոսերգուն կ’ակնարկէր ռազմադաշտին, ուր սպաննուածները շնագայլերու համար կեր կը դառնան։

45։13, 14ա—Ո՞վ է «Թագաւորին աղջիկը», որ «պիտի բերուի թագաւորին»։ Ան «յաւիտենականութեան Թագաւոր»ին՝ Եհովա Աստուծոյ աղջիկն է։ (Յայտնութիւն 15։3, ՆԱ) Ան կը ներկայացնէ 144,000 Քրիստոնեաներու փառաւորուած ժողովքը, զորոնք Եհովա կ’որդեգրէ որպէս իր զաւակները, զանոնք իր հոգիով օծելով։ (Հռովմայեցիս 8։16) Եհովայի այս «աղջիկը», «իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած», պիտի բերուի փեսային՝ Մեսիական Թագաւորին։—Յայտնութիւն 21։2

45։14բ, 15—«Աղջիկները» որո՞նք կը ներկայացնեն։ Անոնք ճշմարիտ երկրպագուներու «մեծ բազմութիւն»ն են, որոնք օծեալ մնացորդին կը միանան ու անոր թիկունք կը կանգնին։ «Մեծ նեղութենէն» վերապրելով, անոնք երկրի վրայ պիտի ըլլան, երբ Մեսիական Թագաւորին ամուսնութիւնը կատարուի երկինքի մէջ։ (Յայտնութիւն 7։9, 13, 14) Այդ առիթով, անոնք մեծապէս պիտի ‘ցնծան եւ ուրախանան’։

45։16—Ի՞նչ կերպով թագաւորին նախահայրերուն տեղը իր որդիները պիտի ըլլան։ Երկրի վրայ ծնելով, Յիսուս երկրաւոր նախահայրեր ունէր։ Անոնք իր որդիները պիտի ըլլան, երբ իր Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին զիրենք յարուցանէ։ Անոնցմէ ոմանք «բոլոր երկրի մէջ իշխաններ» պիտի նշանակուին։

50։2—Երուսաղէմ ինչո՞ւ ‘գեղեցկութեան կատարելութիւնը’ կոչուած է։ Պատճառը քաղաքին երեւոյթը չէր, այլ՝ քանի որ Եհովա զայն գործածեց եւ անոր շքեղութիւն շնորհեց, զայն դարձնելով իր տաճարին վայրը ու իր օծեալ թագաւորներուն մայրաքաղաքը։

Դասեր՝ մեզի համար.

42։1-3. Ինչպէս անջրդի շրջանի մէջ եղջերուն ջուրի կը տենչայ, այնպէս ալ Ղեւտացին Եհովայի տենչաց։ Չկարենալով Եհովան պաշտել Իր սրբարանին մէջ, ան ա՛յնքան տխուր էր որ ‘ցորեկ ու գիշեր իր արցունքները իրեն հաց եղան’, այսինքն՝ իր ախորժակը կորսնցուց։ Մեր հաւատակիցներուն ընկերակցութեամբ Եհովան պաշտելու հանդէպ խոր գնահատութիւն պէտք չէ՞ մշակենք։

42։4, 5, 11. 43։3-5. Եթէ ժամանակաւորապէս քրիստոնէական ժողովքէն ակամայ բաժնուինք, մեր վայելած ընկերակցութեան ուրախութիւնները վերյիշելը կրնայ մեզի ոյժ տալ։ Թէեւ սկիզբը ասիկա կրնայ առանձնութեան վիշտը աւելցնել, սակայն մեզի պիտի յիշեցնէ թէ Աստուած մեր ապաստանն է եւ անոր պէտք է յուսանք։

46։1-3. Ի՛նչ աղէտ ալ դիմագրաւենք, անխախտ վստահութիւն պէտք է ունենանք թէ «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է»։

50։16-19. Խաբէութիւն եւ չար բաներ ընողը Աստուած ներկայացնելու իրաւունք չունի։

50։20. Փոխանակ ուրիշներու սխալներուն մասին խօսելու, զանոնք պէտք է անտեսենք։—Կողոսացիս 3։13

«Ո՛Վ ԻՄ ԱՆՁՍ, ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՊԱՍԷ»

(Սաղմոս 51։1–71։24)

Սաղմոս 51–ը Դաւիթի սրտագին աղօթքն է, Բերսաբէի հետ իր գործած մեղքէն ետք։ 52-57–րդ սաղմոսները ցոյց կու տան թէ Եհովա պիտի ազատէ ան որ իր հոգը Իր վրայ կը ձգէ եւ փրկութեան համար իրեն կը սպասէ։ Ինչպէս 58-64–րդ սաղմոսները կը յայտնեն, իր բոլոր նեղութիւններուն ընթացքին, Դաւիթ Եհովան իր ապաստանը կ’ընէ։ Ան կը տաղերգէ. «Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, վասն զի անկէ է իմ յոյսս»։—Սաղմոս 62։5

Մեր Ազատարարին հետ սերտ բարեկամութիւնը մեզ պէտք է մղէ ‘սաղմոս երգելու անոր անունին փառքին’։ (Սաղմոս 66։2, ԱՎ) Եհովա կը փառաբանուի Սաղմոս 65–ի մէջ որպէս առատաձեռն հայթայթիչ, Սաղմոս 67 եւ 68–ի մէջ՝ որպէս ազատագրող Աստուած, իսկ Սաղմոս 70 եւ 71–ի մէջ՝ որպէս ելքի միջոց ապահովող։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

51։12—Որո՞ւ «կամաւոր հոգի»ն Դաւիթ խնդրեց որ իրեն նեցուկ ըլլայ։ Ասիկա կ’ակնարկէ ո՛չ Դաւիթի օգնելու Աստուծոյ կամեցողութեան, ո՛չ ալ Եհովայի սուրբ հոգիին, այլ՝ Դաւիթի հոգիին,– իր մտային հակումին։ Ան Աստուծմէ կը խնդրէ որ իրեն շնորհէ շիտակը ընելու փափաքը։

53։1—Աստուծոյ գոյութիւնը ուրացող անհատը ի՞նչպէս «անզգամ» է։ Այս համարին մէջ անզգամութիւնը չի նշեր մտային թերութիւն։ Անհատը բարոյապէս անզգամ է, ինչպէս Սաղմոս 53։1-4–ը կը նկարագրէ յառաջ եկած բարոյական անկումը։

58։3-5—Ամբարիշտները ի՞նչ կերպով օձի պէս են։ Ուրիշներուն մասին անոնց խօսած սուտերը օձի թոյնի պէս են։ Անոնք իրենց զոհերուն համբաւը կը թունաւորեն։ «Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները», ամբարիշտները ուղղութեան կամ սրբագրութեան ականջ չեն տար։

58։7—Ամբարիշտները ի՞նչպէս ‘հոսող ջուրերու պէս կը հալին’։ Թերեւս Դաւիթ ի մտի ունէր Խոստացեալ Երկրին կարգ մը հեղեղատներու ջուրերը։ Թէեւ տեղատարափ անձրեւը կրնայ հեղեղատի ջուրերուն մակարդակը բարձրացնել, սակայն այս ջուրերը շուտով կը հոսին ու կ’անհետանան։ Դաւիթ աղօթքով կը խնդրէր որ չարագործները արագօրէն անհետանան։

68։13—Ի՞նչպէս ‘աղաւնիի թեւերը արծաթով պատուած էին, իսկ անոր փետուրները՝ դեղին ոսկիով’։ Կապոյտ–մոխրագոյն գոյնով կարգ մը աղաւնիներ ծիածնափայլ փետուրներ ունին, որոնք արեւի լոյսին տակ մետաղի երեւոյթ կ’առնեն։ Թերեւս Դաւիթ պատերազմէ վերադարձող Իսրայելացի յաղթական ռազմիկները կը նմանցնէր այսպիսի աղաւնիի մը, որուն թռիչքը զօրաւոր է, իսկ երեւոյթը՝ շողշողուն։ Ինչպէս կարգ մը ուսումնականներ կը թելադրեն, այս նկարագրութիւնը կրնայ նաեւ ակնարկել աւար առնուած գեղարուեստական գործի մը՝ մրցանակի մը։ Ամէն պարագայի, Դաւիթ կը խօսէր Իր ժողովուրդին Եհովայի շնորհած յաղթանակներուն մասին։

68։18—Որո՞նք իբր ‘պարգեւներ առնուեցան’։ Անոնք Խոստացեալ Երկրին նուաճման ընթացքին գերեվարուած անհատներէն էին։ Այս տղամարդիկը հետագային նշանակուեցան որ Ղեւտացիներուն օգնեն իրենց գործին մէջ։—Եզրասայ 8։20

68։30—‘Եղէգներու մէջ բնակող գազանները սաստելու’ խնդրանքը ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովայի ժողովուրդին թշնամիներուն մասին այլաբանօրէն խօսելով որպէս գազաններ, Դաւիթ Աստուծմէ խնդրեց որ զանոնք սաստէ, կամ վնաս հասցնելու անոնց կարողութիւնը զսպէ։

69։23—‘Թշնամիներուն մէջքերը դողացնելը’ ի՞նչ կը նշանակէ։ Մէջքի մկանները էական են տքնաջան գործեր կատարելու համար, ինչպէս՝ ծանր բեռներ վերցնել ու կրել։ Անհաստատ մէջքը ոյժի պակաս ցոյց կու տայ։ Դաւիթ աղօթեց որ իր թշնամիները ուժազուրկ ըլլան։

Դասեր՝ մեզի համար.

51։1-4, 17. Մեղք գործելը մեզ Եհովա Աստուծմէ պէտք չէ հեռացնէ։ Եթէ զղջանք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան մեզի պիտի ողորմի։

51։5, 7-10. Եթէ մեղք գործած ենք, կրնանք Եհովայէ ներում խնդրել՝ մեր ժառանգած մեղաւորութեան պատճառով։ Նաեւ իրեն պէտք է աղօթենք որ մեզ մաքրէ, մեզ վերահաստատէ, մեզի օգնէ մեր սիրտէն մեղաւոր հակումները հեռացնելու, եւ մեզի ուղիղ հոգի տայ։

51։18. Դաւիթի մեղքերը ամբողջ ազգին բարօրութեան սպառնացին։ Ուստի ան աղօթեց որ Աստուած իր բարեհաճութեամբ Սիօնի բարիք ընէ։ Երբ լուրջ մեղք մը գործենք, յաճախ անիկա Եհովայի անունին ու ժողովքին վրայ նախատինք կը բերէ։ Աղօթքով Աստուծմէ պէտք է խնդրենք որ մեր պատճառած վնասները չէզոքացնէ։

52։8. Կրնանք «Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս» ըլլալ,– Եհովայի մօտիկ եւ իր ծառայութեան մէջ արդիւնաբեր,– իրեն հնազանդելով եւ իր կրթութիւնը յօժարակամ ընդունելով։—Եբրայեցիս 12։5, 6

55։4, 5, 12-14, 16-18. Իր որդիին՝ Աբիսողոմի դաւադրութիւնը եւ վստահելի խրատատուին՝ Աքիտոփէլի դաւաճանութիւնը, զգացական մեծ վիշտ պատճառեցին Դաւիթի։ Սակայն ասիկա Եհովայի հանդէպ Դաւիթի վստահութիւնը չնուազեցուց։ Թոյլ պէտք չէ տանք զգացական տագնապին որ Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարացնէ։

55։22. Մեր հոգը Եհովայի վրայ կը ձգենք՝ (1) աղօթքով իրեն ներկայացնելով մեզ մտահոգող հարցը, (2) առաջնորդութեան ու աջակցութեան համար իր Խօսքին ու կազմակերպութեան դիմելով, եւ (3) հարցը լուծելու համար մեր ձեռքէն եկածը ընելով։—Առակաց 3։5, 6. 11։14. 15։22. Փիլիպպեցիս 4։6, 7

56։8. Եհովա գիտէ ո՛չ միայն մեր կացութիւնը, այլեւ՝ անոր զգացական ազդեցութիւնը մեր վրայ։

62։11. Աստուած պէտք չունի ուժանիւթի որեւէ արտաքին աղբիւրէ կախեալ ըլլալու։ Ան ոյժի բուն աղբիւրն է։ ‘Զօրութիւնը իրեն կը պատկանի’։

63։3, ՆԱ. Աստուծոյ «հաւատարիմ սէրը կեանքէն լաւ է», քանի որ առանց անոր՝ կեանքը անիմաստ ու աննպատակ է։ Իմաստութիւն է՝ Եհովայի հետ բարեկամութիւն մշակել։

63։6. Գիշերը, հանդարտ ու խանգարումներէ զերծ պահ մը ըլլալով, խոկալու ընտիր ժամանակ մըն է։

64։2-4. Վնասակար բամբասանքը կրնայ անմեղ անհատին համբաւը քանդել։ Այսպիսի բամբասանք ո՛չ մտիկ պէտք է ընենք, ո՛չ ալ տարածենք։

69։4. Խաղաղութիւնը պահպանելու համար, երբեմն խոհեմութիւն է որ ‘վճարենք’՝ ներողութիւն խնդրելով, նոյնիսկ եթէ համոզուած չենք որ սխալած ենք։

70։1-5. Եհովա կը լսէ մեր հրատապ աղերսները օգնութեան համար։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Յակոբու 1։13. Բ. Պետրոս 2։9) Աստուած կրնայ թոյլ տալ որ փորձութիւն մը շարունակուի, սակայն կացութեան հետ գլուխ ելլելու համար մեզի պիտի տայ իմաստութիւն, իսկ անոր տոկալու համար՝ զօրութիւն։ Ան պիտի չթոյլատրէ որ փորձուինք մեր կարողութենէն աւելի։—Ա. Կորնթացիս 10։13. Եբրայեցիս 10։36. Յակոբու 1։5-8

71։5, 17. Դաւիթ քաջութիւն ու զօրութիւն մշակեց, իր պատանեկութեան ատեն Եհովայի վստահելով,– նոյնիսկ Փղշտացի Գողիաթին հետ դէմ–դիմաց գալէն առաջ։ (Ա. Թագաւորաց 17։34-37) Պատանիները իրենց ըրած բոլոր բաներուն մէջ Եհովայի պէտք է ապաւինին։

«Բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը»

Սաղմոսներու երկրորդ հատուածին վերջին տաղերգութիւնը՝ Սաղմոս 72–ը, Սողոմոնի իշխանութեան մասին է, նախապատկերացնելով այն վիճակները որոնք Մեսիայի իշխանութեան ներքեւ պիտի գոյանան։ Անիկա ի՜նչ հոյակապ օրհնութիւններ կը նկարագրէ,– շատ խաղաղութիւն, կեղեքումի ու բռնութեան վախճանը, ցորենի յորդառատութիւն երկրին մէջ։ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւնները վայելելու համար, սաղմոսերգուին նման պէտք է սպասենք Եհովայի, զինք մեր ապաստանն ու զօրութիւնը դարձնելով։

‘Դաւիթի աղօթքները կը վերջանան’ սա խօսքերով. «Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։ Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։ Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։ Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն»։ (Սաղմոս 72։18-20) Նմանապէս թող ամբողջ սիրտով Եհովան օրհնաբանենք ու իր փառաւոր անունը փառաբանենք։

[Նկար՝ էջ 19]

«Թագաւորին աղջիկը» ո՞վ կը խորհրդանշէ

[Նկար՝ էջ 20]

Երուսաղէմ ինչո՞ւ ‘գեղեցկութեան կատարելութիւնը’ կոչուած է

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել