Յիսուսի նման վարուելու մղումը ունի՞ք
«[Յիսուս] շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։—ՄԱՐԿՈՍ 6։34
1. Ինչո՞ւ հասկնալի է որ մարդիկ հիանալի յատկութիւններ կը ցուցաբերեն։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ պատմութեան տեւողութեան, շատեր հիանալի յատկութիւններ ցուցաբերած են, եւ կրնաք հասկնալ թէ ինչո՛ւ։ Եհովա Աստուած սէր, ազնուութիւն, առատաձեռնութիւն եւ ուրիշ գնահատելի յատկութիւններ ունի ու կը ցուցաբերէ։ Մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էին։ Ուստի կրնանք հասկնալ թէ ինչո՛ւ շատեր որոշ չափով սէր, ազնուութիւն, կարեկցութիւն եւ աստուածային ուրիշ յատկութիւններ ցոյց կու տան, ինչպէս շատեր խղճմտանք կը յայտնաբերեն։ (Ծննդոց 1։26. Հռովմայեցիս 2։14, 15) Բայց կը գիտակցիք թէ ոմանք այս յատկութիւնները ուրիշներէն աւելի հեշտութեամբ կը ցուցաբերեն։
2. Ոմանք ի՞նչպիսի բարի գործեր կ’ընեն, թերեւս խորհելով որ Քրիստոսը կ’ընդօրինակեն։
2 Հաւանաբար կը ճանչնաք այրեր ու կիներ, որոնք յաճախ հիւանդներու կ’այցելեն կամ անոնց կ’օգնեն, հաշմանդամներու հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց կու տան, կամ իրենց ձեռքը աղքատներու կը բանան։ Նաեւ խորհեցէք այն անհատներուն մասին, որոնք կարեկցութենէ մղուած իրենց կեանքը բորոտանոցներու կամ որբանոցներու մէջ աշխատելով կ’անցընեն, անոնք որ հիւանդանոցներու կամ անկելանոցներու մէջ կամաւորներ են, կամ անոնք որ տնազուրկներուն կամ գաղթականներուն կ’օգնեն։ Հաւանաբար, անոնցմէ ոմանք կը խորհին որ Յիսուսը կ’ընդօրինակեն, որ օրինակ ձգեց Քրիստոնեաներուն։ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք որ Քրիստոս հիւանդները բժշկեց եւ անօթիները կերակրեց։ (Մարկոս 1։34. 8։1-9. Ղուկաս 4։41) Յիսուսի ցուցադրած սէրը, փափկութիւնը եւ կարեկցութիւնը «Քրիստոսին միտք»ին յայտնաբերումներն են, որ իր կարգին կ’ընդօրինակէր իր երկնաւոր Հայրը։—Ա. Կորնթացիս 2։16
3. Յիսուսի բարի գործերուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալու համար, ի՞նչ բան պէտք է նկատի առնենք։
3 Նկատի առա՞ծ էք որ ներկայիս Յիսուսի սէրէն եւ կարեկցութենէն ազդուած անհատներէն շատեր Քրիստոսին միտքը բնորոշող կարեւոր մէկ երեսակը կ’անտեսեն։ Մարկոս 6–րդ գլուխը ուշադրութեամբ նկատի առնելով կրնանք ասիկա ըմբռնել։ Հոն կը կարդանք որ մարդիկ հիւանդներ բերին Յիսուսի, որպէսզի զանոնք բժշկէ։ Նոյն բովանդակութենէն կը տեղեկանանք որ Յիսուս տեսնելով որ իրեն եկած հազարաւոր մարդիկը անօթեցած էին, հրաշք մը կատարելով զանոնք կերակրեց։ (Մարկոս 6։35-44, 54-56) Հիւանդներ բժշկելն ու անօթիները կերակրելը սիրալիր կարեկցութեան ուշագրաւ ապացոյցներ էին, բայց արդեօք Յիսուս ա՞յս կերպերով գլխաւորաբար օգնեց ուրիշներուն։ Իսկ մենք ի՞նչպէս կրնանք լաւագոյնս ընդօրինակել իր սիրոյ, ազնուութեան եւ կարեկցութեան կատարեալ օրինակը, ինչպէս ինք ընդօրինակեց Եհովան։
Հոգեւոր Կարիքներու Ընդառաջելու Մղուած
4. Մարկոս 6։30-34–ի միջադէպին ընդհանուր պատկերը ի՞նչ է։
4 Յիսուս իր շուրջի մարդոց խղճաց, գլխաւորաբար իրենց հոգեւոր կարիքներուն պատճառաւ։ Այս կարիքները ֆիզիքական կարիքներէն շա՛տ աւելի կարեւոր էին։ Մարկոս 6։30-34–ի միջադէպը նկատի առէք։ Հոն արձանագրուած միջադէպը տեղի ունեցած էր Գալիլիոյ Ծովու ափերուն, Հ.Դ. 32–ի Պասեքի ժամանակէն քիչ առաջ։ Առաքեալները խանդավառ էին եւ ասոր համար վաւերական պատճառ մը ունէին։ Տակաւին նոր ամբողջացուցած ըլլալով լայնածիր շրջապտոյտ մը, անոնք Յիսուսի քով եկան անկասկած իրենց ունեցած փորձառութիւնները պատմելու անհամբերութեամբ։ Բայց այնքան մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ իրենց շուրջ, որ Յիսուս եւ առաքեալները ո՛չ կրնային ուտել եւ ոչ հանգստանալ։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք»։ (Մարկոս 6։31) Նաւ մը մտնելով հաւանաբար Կափառնայումի մօտերը, անոնք Գալիլիոյ Ծովու դիմացի կողմը դէպի հանդարտ վայր մը նաւարկեցին։ Բայց բազմութիւնը ծովափէն վազելով նաւէն առաջ հասաւ հոն։ Ի՞նչ եղաւ Յիսուսի ընդառաջումը։ Ան նեղացա՞ւ որ իր առանձնութիւնը խանգարուեցաւ։ Բնա՛ւ երբեք։
5. Ի՞նչ էր Յիսուսի զգացումը իրեն եկող ամբոխներուն հանդէպ եւ ըստ այնմ ի՛նչ ըրաւ։
5 Յիսուս յուզուեցաւ երբ տեսաւ զինք անձկագին սպասող հազարաւորներէ բաղկացած այս բազմութիւնը, հիւանդները ներառեալ։ (Մատթէոս 14։14. Մարկոս 6։44) Յիսուսի գութը շարժող պատճառին եւ անոր ընդառաջումին վրայ կեդրոնանալով, Մարկոս գրեց. «Շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մարկոս 6։34) Յիսուս պարզապէս մարդոց զանգուած մը չէր որ տեսաւ։ Ան հոգեւոր կարիքներ ունեցող անհատներ տեսաւ։ Անոնք զիրենք արօտներ առաջնորդող կամ զիրենք պաշտպանող հովիւ չունեցող անօգնական ու մոլորած ոչխարներու նման էին։ Յիսուս գիտէր որ քարասիրտ կրօնական առաջնորդները՝ որոնք հոգածու հովիւներ ըլլալու էին, արդարեւ կ’արհամարհէին հասարակ ժողովուրդը եւ անոնց հոգեւոր կարիքները կ’անտեսէին։ (Եզեկիէլ 34։2-4. Յովհաննու 7։47-49) Յիսուս անոնց հետ տարբեր կերպով կը վարուէր, կարելի եղած ամէն բարիք ընելով անոնց։ Ան սկսաւ անոնց սորվեցնել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
6, 7. (ա) Ըստ Աւետարաններուն, Յիսուս մարդոց կարիքներուն ընդառաջելու ատեն ի՞նչ բան առաջնահերթ նկատեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչ շարժառիթով քարոզեց եւ սորվեցուց։
6 Զուգահեռ պատմութեան մէջ նկատի առէք բացայայտ եղող հերթականութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը։ Գրողը Ղուկասն է, որ բժիշկ մըն էր եւ ուրիշներու ֆիզիքական բարօրութեամբ մեծապէս հետաքրքրուած էր։ «Ժողովուրդը . . . [Յիսուսի] ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր»։ (Ղուկաս 9։11. Կողոսացիս 4։14) Թէեւ իւրաքանչիւր հրաշքի պարագային նոյնը չէ ըսուած, բայց այս առթիւ Ղուկասի ներշնչուած պատմութիւնը նախ ի՞նչ կը նշէ։ Անիկա կը նշէ այն իրողութիւնը թէ Յիսուս մարդոց սորվեցուց։
7 Ասիկա արդարեւ համաձայն է Մարկոս 6։34–ի մէջ դրուած շեշտին հետ։ Այդ համարը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Յիսուս գլխաւորաբար ի՛նչպէս մղուեցաւ իր գութը արտայայտել։ Ան մարդոց սորվեցուց, անոնց հոգեւոր կարիքներուն ընդառաջելով։ Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ըսած էր. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ (Ղուկաս 4։44) Բայց սխալած կ’ըլլանք, եթէ խորհինք որ Յիսուս Թագաւորութեան պատգամը զուտ պարտականութեան զգացումէ մղուած կը ծանուցանէր, մեքենայաբար կատարելով իր ընելիք քարոզչութիւնը։ Ո՜չ, գլխաւորաբար մարդոց հանդէպ իր անձնուէր կարեկցութենէն մղուած ան բարի լուրը կը բաժնէր անոնց հետ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու, ընդունելու եւ սիրելու մէջ անոնց օգնելո՛վ էր, որ Յիսուս մեծագոյն բարիքը կրնար ընել՝ նոյնիսկ հիւանդներուն, դիւահարներուն, աղքատներուն եւ անօթիներուն։ Այդ ճշմարտութիւնը հիմնական կարեւորութիւն ունէր, Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ մարդկութեան մնայուն օրհնութիւններ բերելու համար Թագաւորութեան խաղցած դերին պատճառաւ։
8. Յիսուս իր քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը ի՞նչպէս կը նկատէր։
8 Յիսուսի երկիր գալուն հիմնական պատճառներէն մէկն էր Թագաւորութեան մասին աշխոյժ կերպով քարոզել։ Իր երկրային ծառայութեան գրեթէ վերջաւորութեան, Յիսուս Պիղատոսի ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։ (Յովհաննու 18։37) Նախորդ երկու յօդուածներով նկատի առինք որ Յիսուս քնքուշ զգացումներու տէր էր. հոգածու, դիւրամերձ, փափկանկատ, վստահող եւ մանաւանդ՝ սիրալիր։ Իր անձնաւորութեան այս երեսակները պէտք է գնահատենք, եթէ իրապէս կ’ուզենք հասկնալ Քրիստոսին միտքը։ Նոյնքան կարեւոր է գիտակցիլ որ Քրիստոսին միտքը կը բովանդակէ այն նախապատուութիւնը, որ ինք տուաւ իր քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործին։
Ուրիշները Յորդորեց որ Վկայեն
9. Քարոզելը եւ ուսուցանելը որո՞նց համար առաջնահերթ պէտք էր ըլլային։
9 Սիրոյ ու կարեկցութեան որպէս արտայայտութիւն քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը առաջնահերթ տեղը դնելը, միայն Յիսուսի վիճակուած չէր։ Ան իր հետեւորդները յորդորեց որ իր շարժառիթները, առաջնահերթութիւնները եւ արարքները ընդօրինակեն։ Յիսուս իր 12 առաքեալները ընտրելէն ետք անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Մարկոս 3։14, 15–ը կ’ըսէ. «Տասներկու հոգի ընտրեց, [«որոնք նաեւ առաքեալ անուանեց», Անթիլիաս, ստորանիշ] որպէս զի իրեն հետ ըլլան, որպէս զի զանոնք ղրկէ քարոզելու։ Ու իշխանութիւն տուաւ ցաւերը բժշկելու եւ դեւերը հանելու»։ Նկատի առի՞ք թէ ի՛նչ բան առաջնահերթ էր առաքեալներուն համար։
10, 11. (ա) Երբ առաքեալները կը ղրկէր, Յիսուս անոնց ի՞նչ ըսաւ որ ընեն։ (բ) Առաքեալները ղրկելու համապատկերին մէջ, ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացուած էր ուշադրութիւնը։
10 Ժամանակի ընթացքին Յիսուս կարողութիւն տուաւ 12–ին որ ուրիշները բժշկեն եւ դեւեր հանեն։ (Մատթէոս 10։1. Ղուկաս 9։1) Ապա զանոնք ղրկեց, «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ Ի՞նչ ընելու համար։ Յիսուս անոնց ուղղութիւն տուաւ. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։ Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք»։ (Մատթէոս 10։5-8. Ղուկաս 9։2) Արդ, անոնք ի՞նչ ըրին։ «Անոնք ելլելով, [1] կը քարոզէին որ մարդիկ ապաշխարեն։ [2] Շատ դեւեր կը հանէին ու շատ հիւանդներ իւղով կ’օծէին ու կը բժշկէին զանոնք»։—Մարկոս 6։12, 13
11 Քանի որ ամէն պարագայի ուսուցանելը նախ յիշուած չէ, արդեօք վերոյիշեալ յաջորդականութիւնը շա՞տ շեշտ կը դնէ առաջնահերթութեան հարցին, կամ անոր մէջ պարփակուած շարժառիթներուն վրայ։ (Ղուկաս 10։1-8) Ո՛չ. ուսուցումը բուժումներէն առաջ յիշուած ըլլալուն յաճախականութիւնը թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Այս պարագային բովանդակութիւնը նկատի առէք։ 12 առաքեալները ղրկելէն ճիշդ առաջ, Յիսուս ժողովուրդին վիճակէն ազդուած էր։ Կը կարդանք. «Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։ Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. ‘Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին’»։—Մատթէոս 9։35-38
12. Յիսուսի եւ առաքեալներուն հրաշքները յաւելեալ ի՞նչ նպատակի կրնային ծառայել։
12 Իր հետ ըլլալով, առաքեալները որոշ չափով կրնային իւրացնել Քրիստոսին միտքը։ Անոնք կրնային զգալ որ մարդոց հանդէպ իրապէս սիրալիր եւ կարեկից ըլլալը կը բովանդակէր անոնց քարոզել եւ սորվեցնել Թագաւորութեան մասին. իրենց բարի գործերուն գլխաւոր երեսակը այս պէտք էր ըլլար։ Անոր ընկերակցող ֆիզիքական բնոյթ ունեցող բարի գործերը, ինչպէս՝ հիւանդները բժշկելը՝ կարօտեալներուն պարզապէս օգնելէն աւելին իրագործեցին։ Դժուար չէ երեւակայել որ կարգ մը անհատներ բժշկութիւններով եւ հրաշքով հայթայթուած կերակուրով հրապուրուած կրնային ըլլալ։ (Մատթէոս 4։24, 25. 8։16. 9։32, 33. 14։35, 36. Յովհաննու 6։26) Սակայն, ֆիզիքապէս օգնելէ զատ, այդ գործերը տեսնողները իրապէս մղուեցան ընդունելու որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, Մովսէսի նախագուշակած «մարգարէն»։—Յովհաննու 6։14. Բ. Օրինաց 18։15
13. Բ. Օրինաց 18։18–ի մարգարէութիւնը գալիք մարգարէին ո՞ր դերին վրայ շեշտ կը դնէր։
13 Ինչո՞ւ յատկանշական էր ընդունիլ որ Յիսուս «մարգարէն» էր։ Լաւ, անոր համար նախագուշակուած գլխաւոր դերը ի՞նչ էր։ «Մարգարէն» հրաշալի բուժումներ կատարելուն, կամ անօթիներուն կարեկցաբար կերակուր հայթայթելուն համա՞ր համբաւաւոր պիտի ըլլար։ Բ. Օրինաց 18։18–ն կը նախագուշակէր. «Քեզի պէս [Մովսէս] մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի ըսէ»։ Ուստի, մինչ առաքեալները քնքուշ զգացումներ ունենալ ու արտայայտել սորվեցան, անոնք կրնային եզրակացնել որ Քրիստոսին միտքը բացայայտ պէտք էր ըլլար նաեւ իրենց քարոզչութեան եւ ուսուցումին մէջ։ Ասիկա լաւագոյն բարիքն էր որ անոնք կրնային ընել մարդոց։ Այսպիսով, հիւանդներն ու աղքատները ոչ թէ մարդկային կարճատեւ կեանքի սահմանափակուած օգուտներ, կամ քանի մը ճաշեր կրնային վայելել, այլ՝ մնայուն օգուտներ կրնային քաղել։—Յովհաննու 6։26-30
Ներկայիս Քրիստոսին Միտքը Մշակել
14. Մեր քարոզչութեան մէջ Քրիստոսին միտքը ունենալը ի՞նչ կը պարփակէ։
14 Ոեւէ մէկս չենք խորհիր որ Քրիստոսին միտքը առաջին դարուն՝ Յիսուսի եւ նախկին աշակերտներուն համար էր միայն, որոնց Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մենք Քրիստոսին միտքը ունինք»։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Պէտք է իսկոյն ընդունինք որ մենք ալ ստիպուած ենք բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Սակայն լաւ է որ այդ գործը կատարելու մեր անձնական մղումներուն մասին խորհինք։ Անիկա զուտ պարտականութեան զգացումէ տարուած պէտք չէ ընենք։ Գլխաւորաբար Աստուծոյ հանդէպ սէրէ մղուած պէտք է մասնակցինք ծառայութեան, եւ իրապէս Յիսուսի նման ըլլալը իր մէջ կը բովանդակէ գութէ մղուած քարոզել եւ սորվեցնել։—Մատթէոս 22։37-39
15. Մեր հանրային ծառայութեան մէջ կարեկցութիւն ցոյց տալը ինչո՞ւ պատշաճ է։
15 Ճիշդ է որ միշտ դիւրին չէ կարեկցիլ անոնց, որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, մանաւանդ երբ անտարբերութեան, մերժումի կամ հակառակութեան հանդիպինք։ Բայց եթէ մարդոց հանդէպ մեր սէրն ու կարեկցութիւնը կորսնցնենք, քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու կենսական շարժառիթը կրնանք կորսնցնել։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք կարեկցութիւն մշակել։ Կրնանք փորձել մարդոց նայիլ, ինչպէս Յիսուս կը նայէր, որպէս «յոգնած ու ցիրուցան եղած . . . հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Այսօր շատեր այս նկարագրութեան չե՞ն յարմարիր։ Անոնք կեղծ հովիւներու կողմէ անտեսուած ու հոգեւորապէս կուրացած են։ Անոր համար անոնք չեն գիտեր Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ողջախոհ առաջնորդութիւնը, ոչ ալ մօտ ատենէն երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք դրախտային վիճակները։ Անոնք առանց Թագաւորութեան յոյսը ունենալու, առօրեայ կեանքի խնդիրները կը դիմագրաւեն՝ աղքատութիւն, ընտանեկան անհամաձայնութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ։ Մենք ունինք այն բանը, որու պէտքը ունին անոնք. հիմա երկնքի մէջ հաստատուած Աստուծոյ Թագաւորութեան փրկարար բարի լո՛ւրը։
16. Ինչո՞ւ պէտք է փափաքինք ուրիշներու հետ բաժնել բարի լուրը։
16 Երբ ձեր շուրջը գտնուողներուն հոգեւոր կարիքներուն մասին այսպէս մտածէք, ձեր սիրտը ձեզ չի՞ մղեր որ ձեր կարելին ընէք, Աստուծոյ սիրալիր նպատակին մասին անոնց խօսելու համար։ Այո, մեր գործը կարեկցութեան հետ կապուած է։ Երբ մարդոց հանդէպ ունենանք ա՛յն զգացումը որ Յիսուս ունէր, անիկա յայտնի պիտի ըլլայ մեր ձայնի եղանակէն, մեր դէմքի արտայայտութենէն, մեր սորվեցնելու կերպէն։ Այս բոլորը մեր պատգամը աւելի գրաւիչ պիտի դարձնեն «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատներուն։—Գործք 13։48
17. (ա) Ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրն ու կարեկցութիւնը ցոյց տալու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։ (բ) Ինչո՞ւ հարցը կա՛մ բարի գործեր ընել, կա՛մ ծառայութեան մասնակցիլ չէ։
17 Մեր սէրը եւ կարեկցութիւնը անշուշտ պէտք է բացայայտ ըլլայ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մէջ։ Ասոր մէջ պարփակուած է անբարենպաստ վիճակի մէջ գտնուողներուն, հիւանդներուն եւ աղքատներուն հանդէպ ազնիւ վերաբերմունքը, ընելով ի՛նչ որ տրամաբանօրէն կրնանք ընել, իրենց տառապանքը ամոքելու համար։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ մահուան մէջ սիրելիներ կորսնցուցած անհատներուն վիշտը ամոքելու համար մեր թափած ջանքերը՝ խօսքով եւ արարքով։ (Ղուկաս 7։11-15. Յովհաննու 11։33-35) Սակայն, սիրոյ, ազնուութեան եւ կարեկցութեան այսպիսի արտայայտութիւններ մեր բարի գործերուն կորիզը պէտք չէ կազմեն, ինչպէս է պարագան կարգ մը մարդասէրներու։ Շատ աւելի մնայուն կարեւորութիւն կրնան ունենալ աստուածային նման յատկութիւններէ մղուած ջանքերը, եթէ զանոնք յայտնաբերենք քրիստոնէական քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործին մասնակցելով։ Յիշեցէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն մասին. «[Դուք] անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք»։ (Մատթէոս 23։23) Յիսուսի համար մէկը կամ միւսը չէր. կա՛մ մարդոց ֆիզիքական կարիքներուն օգնել, կա՛մ կենսատու հոգեւոր բաներ սորվեցնել անոնց։ Յիսուս երկուքն ալ ըրաւ։ Այսուհանդերձ, որոշ է որ ուսուցանելու իր գործը առաջին գծի վրայ կու գար, քանի որ անով իր իրագործած բարիքը յաւիտենական օգուտ կրնար տալ։—Յովհաննու 20։16
18. Քրիստոսին միտքը նկատի առնելը մեզ ի՞նչ ընելու պիտի մղէ։
18 Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա մեզի յայտնած է Քրիստոսին միտքը։ Աւետարաններուն միջոցաւ կրնանք աւելի լաւ գիտնալ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն խորհուրդները, զգացումները, յատկութիւնները, գործունէութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները։ Մեզի կ’իյնայ Յիսուսի մասին Աստուածաշունչին ըսածը կարդալ, անոր մասին խոկալ եւ զայն գործադրել։ Յիշեցէք որ եթէ ի՛րապէս Յիսուսի նման պիտի վարուինք, նախ պէտք է սորվինք որեւէ հարցի մասին իրեն նման մտածել, զայն զգալ եւ արժեւորել՝ որպէս անկատար անհատներ մեր լաւագոյնը տալով։ Ուստի, վճռենք Քրիստոսին միտքը մշակել եւ յայտնաբերել։ Ասկէ լաւ ապրելակերպ, ասկէ լաւ վարուելակերպ գոյութիւն չունի, եւ մեզի ու ուրիշներուն համար աւելի լաւ կերպ մը չկայ մօտենալու մեր գորովագութ Աստուծոյն, Եհովայի, զոր Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց։—Բ. Կորնթացիս 1։3. Եբրայեցիս 1։3
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Կարիքի մէջ եղող մարդոց հանդէպ Յիսուսի ինչպէս ընդառաջելուն մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ ներատեսութիւն կը մատուցանէ։
• Յիսուս իր հետեւորդներուն ուղղութիւն տուած ժամանակ ի՞նչ շեշտեց։
• Մեր գործունէութիւններուն մէջ ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսին միտքը յայտնաբերել։
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 23]
[Նկար՝ էջ 24]
Ի՞նչ է այն մեծագոյն բարիքը զոր Քրիստոնեաները կրնան ընել ուրիշներուն