Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 3 էջ 6-7
  • Ուրիշներուն կարեկցէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշներուն կարեկցէ
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խնդիրը
  • Սուրբ Գիրքէն սկզբունք
  • Կարեկցութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ
  • Ի՞նչ կրնաս ընել
  • Կարեկցէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Աստուած քեզի հետ կը զգա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ընտանեկան կեանք եւ բարեկամութիւններ
    Զարթի՛ր 2019
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թագաւորութեան մասին ինքնավստահութեամբ խօսիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 3 էջ 6-7
Կովկասցի տղամարդ մը եւ սիխ տղամարդ մը օդանաւին մէջ քով–քովի նստած են։ Անոնք ուրախօրէն կը խօսակցին։

Ուրիշներուն կարեկցէ

Խնդիրը

Եթէ չափէ դուրս կեդրոնանանք այն բանին վրայ, թէ ուրիշներ մեզմէ որչա՛փ տարբեր են, այդ տարբերութիւնները թերեւս թերութիւններ կամ տկարութիւններ նկատենք։ Ատիկա պատճառ կրնայ դառնալ, որ մեզմէ տարբեր եղողները ստորադաս սեպենք։ Երբ այսպիսի ժխտական աչքով դիտենք ուրիշները, դժուար պիտի ըլլայ անոնց կարեկցիլ։ Կարեկցութեան պակասը կրնայ ցոյց տալ, որ աւելի խոր խնդիր կայ՝ նախապաշարում։

Սուրբ Գիրքէն սկզբունք

«Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։15)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Այս սկզբունքը կրնանք երկու բառով արտայայտել՝ կարեկից ըլլալ։ Կարեկից ըլլալը այն կարողութիւնն է, որ մեր անձը ուրիշին տեղը դնենք եւ անոր հետ զգանք։

Կարեկցութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ

Երբ մէկու մը հետ կը զգանք, կը սկսինք գիտակցիլ թէ որչա՜փ նման ենք իրեն։ Կ’անդրադառնանք, որ ինք կրնայ մեզի պէս զգալ եւ մեզի պէս հակազդել։ Կարեկցութիւնը կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ բոլոր մարդիկը,– ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց ենթահողը,– մէկ ընտանիքի մաս կը կազմեն։ Ո՛րքան աւելի կեդրոնանանք այն բանին վրայ, թէ որչա՜փ մեզի նման են, ա՛յդքան աւելի քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ զանոնք ժխտականօրէն դատենք։

Ասկէ զատ, երբ մէկու մը հետ զգանք, դիւրաւ զինք պիտի յարգենք։ Սենեկալէն եղող Էն–Մարին ատեն մը ցած աչքով կը դիտէր այն մարդիկը, որոնք շատերու կարծիքով՝ ստորադաս խաւի կը պատկանէին։ Ան կը բացատրէ, թէ կարեկցութիւնը իրեն ինչպէ՛ս օգնեց. «Երբ տեսայ ստորադաս խաւի պատկանողներուն կրած դժուարութիւնները, ես ինծի հարցուցի, որ եթէ անոնց տեղը ըլլայի, ի՛նչ պիտի զգայի։ Այդպիսով սկսայ գիտակցիլ, որ այդ մարդոցմէն բարձր չեմ։ Բան մը չէի ըրած, որ անոնցմէ աւելի լաւ սեպուիմ»։ Իրապէս, երբ ջանանք ուրիշներուն դժուարութիւնները հասկնալ, աւելի պիտի մղուինք կարեկցելու, քան քննադատելու։

Ի՞նչ կրնաս ընել

Ջանա՛ տարբերութիւններէն անդին նայիլ եւ գտիր նմանութիւններ քու եւ այն մարդոց միջեւ, որոնց մասին ժխտական տեսակէտ ունիս։ Օրինակ, երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս կը զգան, երբ՝

Կարեկցութիւնը կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ բոլոր մարդիկը մէկ ընտանիքի մաս կը կազմեն

  • իրենց ընտանիքին հետ կը ճաշեն

  • ամբողջ օրը ծանր կ’աշխատին

  • իրենց բարեկամներուն հետ ժամանակ կ’անցընեն

  • իրենց նախասիրած երաժշտութիւնը մտիկ կ’ընեն

Ետքը, փորձէ ինքզինքդ երեւակայել անոնց պարագային մէջ։ Դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէի, եթէ մէկը ինծի անարժէք զգացնէր’։

  • ‘Ինչպէ՞ս պիտի զգայի, եթէ ուրիշներ զիս դատէին՝ առանց նոյնիսկ զիս ճանչնալու’։

  • ‘Եթէ անոնց խումբէն ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի ուզէի, որ ուրիշներ հետս վարուէին’։

Երկուքն ալ՝ կովկասցին եւ սիխը նկարներ կը բաժնեն, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչ հասարակաց բաներ ունին. ընտանիքը, նախասիրուած մարզանքը եւ գործը։

Փորձառութիւն մը. Ռապըրթ (Սինկափուր)

«Անցեալին, կը խորհէի թէ խուլերը տարօրինակ են, մտային տկարութիւն ունին ու չափէ դուրս զգայուն են։ Այդպիսով, իրենցմէ հեռու կը մնայի։ Սակայն չէի զգար, թէ նախապաշարուած տեսակէտ ունէի, քանի որ ատիկա մէկու մը չէր վնասեր։

«Խուլ մարդոց հետ զգալը օգնեց, որ նախապաշարումիս դէմ դնեմ։ Օրինակ, կը խորհէի թէ խուլերը մտային տկարութիւն ունին, քանի որ իրենց հետ խօսած ատենս, դէմքի անիմաստ արտայայտութիւնով ինծի կը նայէին։ Անոր համար, ջանացի երեւակայել, թէ ի՛նչ պիտի զգայի, եթէ չլսէի մէկը, որ հետս կը խօսի։ Անշուշտ, դէմքի անիմաստ արտայայտութիւն պիտի ունենայի։ Նոյնիսկ եթէ լսողական օգնական գործիք մը ունենայի, դէմքիս արտայայտութիւնը ցոյց պիտի տար թէ ‘կը ջանամ հասկնալ’, մինչդեռ իրականութեան մէջ կը ջանայի լսել։

«Երբ անձս դրի խուլ մէկու մը տեղը, նախապաշարումներս անհետացան»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել