ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21
ԵՐԳ 40 Շարունակենք նա՛խ Թագաւորութիւնը փնտռել
Սպասէ մնայուն քաղաքին
«Կը փնտռենք գալիք քաղաքը» (ԵԲ. 13։14, ԱԾ)։
ՆԻՒԹ
Եբրայեցիս նամակին 13–րդ գլուխը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել թէ՛ այսօր եւ թէ՛ ապագային։
1. Յիսուս ի՞նչ մարգարէութիւն տուաւ Երուսաղէմին մասին։
ՅԻՍՈՒՍ իր մահէն մի քանի օր առաջ մանրամասն մարգարէութիւն մը տուաւ իր հետեւորդներուն։ Այդ մարգարէութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ, երբ Երուսաղէմն ու ատոր տաճարը կործանուեցան։ Մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ որ օրին մէկը Երուսաղէմը «չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած» պիտի ըլլայ (Ղուկ. 21։20)։ Ան իր հետեւորդներուն ըսաւ, թէ հազիւ որ տեսնեն այդ զօրքերը (հռոմէական բանակը), պէտք է շուտով շրջանէն հեռանան (Ղուկ. 21։21, 22)։
2. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի եբրայեցի քրիստոնեաներուն։
2 Հռոմէական բանակը Երուսաղէմը պաշարելէն միայն քանի մը տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ կարեւոր նամակ մը գրեց, որ ներկայիս կը կոչուի՝ Եբրայեցիս գիրքը։ Այս նամակին մէջ, Պօղոս Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ եղող քրիստոնեաներուն կարեւոր խրատներ տուաւ, որոնք պիտի օգնէին անոնց, որ գալիքին համար պատրաստուին։ Ի՞նչ պիտի պատահէր։ Երուսաղէմը պիտի կործանուէր։ Եւ եթէ այդ քրիստոնեաները կը յուսային ազատուիլ, պէտք էր որ պատրաստ ըլլային իրենց տունը–տեղը ձգելու եւ հեռանալու։ Ատոր համար է որ Պօղոս Երուսաղէմ քաղաքին մասին խօսելով, գրեց. «Մենք հոս չունինք մնայուն քաղաք, հապա կը փնտռենք գալիք քաղաքը» (Եբ. 13։14, ԱԾ)։
3. Ի՞նչ է «հիմերով հաստատուած քաղաք»ը, եւ ինչո՞ւ ատոր կը սպասենք։
3 Երբ քրիստոնեաները որոշեցին Երուսաղէմն ու Հրէաստանը ձգել եւ հեռանալ, հաւանաբար շատեր զիրենք անմիտ կոչեցին եւ ծաղրեցին։ Բայց անոնց այս որոշումը իրենց կեանքը փրկեց։ Այսօր, մարդիկ թերեւս մեզ ծաղրեն, քանի որ ո՛չ դրամին կը վստահինք, ո՛չ ալ մեր յոյսը մարդոց վրայ դրած ենք որ աշխարհի խնդիրները լուծեն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ գիտենք որ շուտով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս չար աշխարհը պիտի կործանէ։ Մենք կը սպասենք «այն հիմերով հաստատուած քաղաքին», կամ՝ «գալիք քաղաք»ին, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է (Եբ. 11։10. Մատ. 6։33)a։ Այս յօդուածին մէջ, ամէն մէկ ենթավերնագիր նկատի պիտի առնէ՝ 1) թէ ինչպէ՛ս Պօղոսին խրատները օգնեցին քրիստոնեաներուն, որ շարունակեն սպասել Աստուծոյ Թագաւորութեան, 2) թէ ինչպէ՛ս Պօղոս անոնց օգնեց որ պատրաստուին գալիք դէպքերուն եւ 3) թէ իր խրատները ինչպէ՛ս կ’օգնեն մեզի այսօր։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ ՔԱՆԻ ՈՐ ՔԵԶ ԲՆԱ՛Ւ ՊԻՏԻ ՉՁԳԷ
4. Երուսաղէմը ինչո՞ւ կարեւոր էր քրիստոնեաներուն համար։
4 Երուսաղէմը կարեւոր էր քրիստոնեաներուն համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը հոն հաստատուած էր Ք.Ե. 33–ին, եւ կառավարիչ մարմինն ալ հոն կը գտնուէր։ Նաեւ, շատ մը քրիստոնեաներու ունեցածը–չունեցածը հոն էր։ Բայց Յիսուս իրենց պատուիրած էր որ դուրս ելլեն Երուսաղէմէն եւ նոյնիսկ՝ Հրէաստանէն (Մատ. 24։16)։
5. Պօղոս ինչպէ՞ս քրիստոնեաները պատրաստեց գալիքին։
5 Որովհետեւ Պօղոս ուզեց որ քրիստոնեաները պատրաստ ըլլան Երուսաղէմը ձգել–երթալու, ան իրենց օգնեց որ աւելի լաւ հասկնան, թէ Եհովան ի՛նչ աչքով կը դիտէր այս քաղաքը։ Ան իրենց յիշեցուց որ Եհովան այլեւս չէր ընդուներ Երուսաղէմի տաճարը, քահանայութիւնը եւ զոհերը (Եբ. 8։13)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հոն ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը չէր ընդունած Մեսիան։ Երուսաղէմի տաճարը այլեւս Եհովային մաքուր պաշտամունքի կեդրոնը չէր, եւ ատիկա պիտի կործանուէր (Ղուկ. 13։34, 35)։
6. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եբրայեցիս 13։5, 6–ի մէջ գտնուող Պօղոսի խրատին պէտք ունէին։
6 Երբ Պօղոս գրեց եբրայեցիներուն, Երուսաղէմը զարգացած քաղաք մըն էր։ Այդ ժամանակուան հռոմայեցի գրող մը, Երուսաղէմը կոչեց՝ «Արեւելքի մէջ ամէնէն հանրածանօթ քաղաքը»։ Աշխարհի չորս կողմէն հրեաներ, ամէն տարի Երուսաղէմ կը ճամբորդէին տօներուն ներկայ ըլլալու համար, եւ հոն շատ դրամ կը ծախսէին։ Անկասկած, կարգ մը քրիստոնեաներ ալ օգտուեցան ասկէ եւ շատ դրամ շահեցան։ Թերեւս ասոր համար է որ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ»։ Ետքը ան համար մը մէջբերեց, ուր Եհովան իր ամէն մէկ ծառան կը վստահեցնէ, ըսելով. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5, 6. Բ. Օր. 31։6. Սաղ. 118։6)։ Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաները այս խօսքերուն պէտք պիտի ունենային։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այս նամակը ստանալէն կարճ ժամանակ ետք, անոնք պիտի ստիպուէին իրենց ետին ձգելու իրենց տունը–տեղը, գործը եւ ունեցածներուն մեծ մասը։ Եւ որմէ ետքը, անոնք օտարութեան մէջ նոր կեանքի մը պէտք էր վարժուէին։
7. Ինչո՞ւ պէտք է հիմակուընէ աւելցնենք Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը։
7 Դասը. Մօտ ատենէն ի՞նչ պիտի պատահի։ «Մեծ նեղութիւն»ը պիտի սկսի եւ այս չար աշխարհը վերջ պիտի գտնէ (Մատ. 24։21)։ Մենք առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս պէտք է արթուն եւ պատրաստ մնանք (Ղուկ. 21։34-36)։ Թերեւս մեծ նեղութեան ընթացքին ստիպուինք մեր ետեւը ձգել մեր ունեցածներուն մէկ մասը կամ բոլորը։ Անոր համար պէտք է լման վստահ ըլլանք, որ Եհովան մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Մենք հիմակուընէ իսկ կրնանք ցուցնել թէ որքա՛ն կը վստահինք Եհովային։ Անոր համար, դուն քեզի հարցուր. ‘Որոշումներս եւ նպատակներս կը ցուցնե՞ն որ վստահութիւնս Աստուծոյ վրայ դրած եմ, եւ ոչ թէ՝ դրամին’ (Ա. Տիմ. 6։17)։ Ճիշդ է որ կրնանք շատ բաներ սորվիլ առաջին դարուն պատահած դէպքերէն, բայց ապագային պատահելիք ‘մեծ նեղութեան’ նմանը եղած չէ։ Լաւ, ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք որ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընենք, երբ այդ նեղութիւնը սկսի։
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ
8. Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ։
8 Պօղոս իր այս նամակը գրելէն մի քանի տարի ետք, հռոմայեցի զօրքերը Երուսաղէմը պաշարեցին։ Ասիկա նշան մըն էր, թէ ատենն էր որ քրիստոնեաները փախչին, որովհետեւ Երուսաղէմը պիտի կործանուէր (Մատ. 24։3. Ղուկ. 21։20, 24)։ Բայց ո՞ւր պիտի փախչէին։ Յիսուս պարզապէս ըսած էր «Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին» (Ղուկ. 21։21)։ Բայց շատ լեռներ կային։ Լաւ, ինչպէ՞ս պիտի գիտնային, թէ ո՛ր լեռները պիտի փախչէին։
9. Քրիստոնեաներուն համար յստա՞կ էր, թէ որ լեռները պիտի փախչէին (տե՛ս նաեւ քարտէսը)։
9 Քրիստոնեաները ո՞ր լեռները կրնային փախչիլ։ Հետեւեալ լեռները կային. Սամարիայի լեռները, Գալիլիայի լեռները, Հերմոն լեռը, Լիբանանի լեռները եւ Յորդանան գետին միւս կողմը եղող լեռները (տե՛ս քարտէսը)։ Այնպէս կ’երեւէր թէ այդ լեռներուն վրայ գտնուող կարգ մը քաղաքներ շատ ապահով էին։ Օրինակ, Կամլա քաղաքը կը գտնուէր բարձր լերան մը վրայ եւ հոն հասնիլը շատ դժուար էր։ Ասոր պատճառաւ, կարգ մը հրեաներ կը կարծէին թէ ատիկա շատ ապահով քաղաք մըն էր, ուր կրնային փախչիլ։ Բայց հռոմայեցիները այդ քաղաքին վրայ ալ յարձակեցան ու քանդեցին զայն եւ հոն ապրողներէն շատերը սպաննեցինb։
Քրիստոնեաները շատ մը լեռներ կրնային փախչիլ, բայց ոչ բոլորը ապահով էին (տե՛ս պարբերութիւն 9)
10-11. ա) Եհովան թերեւս ինչպէ՞ս ուղղեց քրիստոնեաները (Եբրայեցիս 13։7, 17)։ բ) Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս օգտուեցան, երբ առաջնորդութիւնը առնողներուն հնազանդեցան (տե՛ս նաեւ նկարը)։
10 Այնպէս կ’երեւի թէ Եհովան քրիստոնեաները ուղղեց՝ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն միջոցաւ։ Պատմաբան Եւսեբիոսը այս ժամանակաշրջանին մասին ըսաւ. «Աստուած Երուսաղէմի ժողովքին կարգ մը պատասխանատու տղամարդոց յայտնեց, թէ քրիստոնեաները պէտք է Երուսաղէմը ձգէին ու երթային Պելլա, որ Պերեայի մէջ քաղաք մըն է»։ Պելլան յարմար ընտրութիւն մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Ատիկա հեռու չէր Երուսաղէմէն, եւ այս պատճառաւ հոն հասնիլը շատ դժուար չէր։ Նաեւ, Պելլայի մէջ ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը հրեայ չէր, եւ չէր փորձեր հրեաներուն պէս հռոմայեցիներուն դէմ ելլել (տե՛ս քարտէսը)։
11 Անոնք որոնք մտիկ ըրին ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն՝ լեռները փախան (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Ասանկով, անոնք իրենց կեանքը ազատեցին։ Ուրեմն, պատմութիւնը կը փաստէ որ Աստուած երեսի վրայ չձգեց անոնք, որոնք կը սպասէին «հիմերով հաստատուած քաղաքին», այսինքն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան (Եբ. 11։10)։
Պելլան թէ՛ մօտ եւ թէ՛ ապահով էր (տե՛ս պարբերութիւն 10-11)
12-13. Եհովան իր ժողովուրդը ինչպէ՞ս ուղղած է շատ դժուար ժամանակներուն։
12 Դասը. Եհովան առաջնորդութիւնը առնողները կը գործածէ որ իր ժողովուրդին յատուկ ուղղութիւններ տայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան շատ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան ինչպէ՛ս հաւատարիմ տղամարդիկ գործածած է, որպէսզի իր ժողովուրդը ուղղէ շատ դժուար ժամանակներուն (Բ. Օր. 31։23. Սաղ. 77։20)։ Այսօր ալ, մենք յստակօրէն տեսած ենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը շարունակէ առաջնորդութիւնը առնողները գործածել որպէսզի իր ժողովուրդը ուղղէ։
13 Օրինակ, երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ, առաջնորդութիւնը առնողները պէտք եղած ուղղութիւնները տուին ժողովքներուն։ Այս եղբայրները երէցներուն ըսին որ ժողովքները ինչպէս պէտք է շարունակեն հաւաքուիլ եւ միասին Եհովան պաշտել։ Համավարակը սկսելէն միայն մի քանի ամիս վերջ, աւելի քան 500 լեզուներով յատուկ համաժողով մը ունեցանք՝ ինթըրնէթով, հեռատեսիլով եւ ռատիոյով։ Հոգեւոր սնունդը բնաւ չկեցաւ։ Եւ այս բոլորին պատճառաւ միացած մնացինք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ապագային ի՛նչ դժուարութիւններ ալ ունենանք, Եհովան պիտի շարունակէ օգնել առաջնորդութիւնը առնողներուն որ իմաստուն որոշումներ առնեն։ Ուրեմն, որպէսզի մեծ նեղութեան պատրաստ ըլլանք եւ իմաստուն կերպով վարուինք, պէտք է որ Եհովային վստահինք եւ հնազանդինք։ Ուրիշ ի՞նչ յատկութիւններու պէտք ունինք։
ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑՈՒՐ
14. Եբրայեցիս 13։1-3–ի համաձայն, քրիստոնեաները ի՞նչ յատկութիւններ պէտք ունէին ցուցնելու։
14 Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք պիտի ունենանք իրարու հանդէպ սէր ցուցնելու։ Այս պատճառով, պէտք պիտի ունենանք հետեւելու Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն օրինակին։ Ճիշդ է որ անոնք միշտ իրարու հանդէպ սէր ցուցուցած էին, բայց գալիք օրերը աւելի դժուար պիտի ըլլային (Եբ. 10։32-34)։ Մինչ Երուսաղէմի կործանումը երթալէն կը մօտենար, անոնք պէտք էր ա՛լ աւելի «եղբայրսիրութիւն» եւ «հիւրասիրութիւն» ցոյց տային (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։1-3)c։ Մեծ նեղութեան ատեն, մենք ալ պէտք պիտի ունենանք ա՛լ աւելի սէր ցուցնելու իրարու հանդէպ։
15. Ինչո՞ւ կարեւոր էր որ քրիստոնեաները եղբայրսիրութիւն եւ հիւրասիրութիւն ցուցնէին Երուսաղէմէն փախչելէն ետք։
15 Երբ հռոմայեցիները Երուսաղէմը պաշարեցին եւ ետքը յանկարծ քաշուեցան, քրիստոնեաները փախան, բայց իրենց հետ շատ բաներ չկրցան առնել (Մատ. 24։17, 18)։ Մինչ անոնք լեռները կը փախչէին եւ նոր շրջանի մը մէջ կը հաստատուէին, պէտք էր որ իրարու օգնէին։ Վստահաբար անոնցմէ ոմանք շատ մը բաներու պէտք ունէին եւ միւսները կրնային անոնց պէտքերը հոգալով՝ եղբայրսիրութիւն եւ հիւրասիրութիւն ցուցնել անոնց հանդէպ (Տիտ. 3։14)։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք սէր ցուցնել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, որոնք օգնութեան պէտք ունին (տե՛ս նաեւ նկարը)։
16 Դասը. Որովհետեւ կը սիրենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, անոնց կ’օգնենք երբ որ օգնութեան պէտք կ’ունենան։ Շատեր հոգեւորապէս եւ նիւթապէս օգնած են այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք իրենց տունը–տեղը ձգած են պատերազմներու եւ բնական աղէտներու պատճառաւ։ Օրինակ, ուքրանացի քոյր մը, որ իր տունը ձգած է պատերազմի պատճառաւ, կ’ըսէ. «Մենք զգացած ենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեր եղբայրները գործածած է, որ մեզ ուղղեն եւ օգնեն։ Անոնք շատ ազնիւ էին մեզի հանդէպ եւ շատ օգնեցին, ըլլայ ատիկա Ուքրանիոյ, Հունգարիոյ եւ հիմա՝ Գերմանիոյ մէջ»։ Անոնք որոնք իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հիւրասիրութիւն ցոյց կու տան եւ անոնց պէտքերուն հոգ կը տանին, Եհովային առիթ տուած կ’ըլլան որ զիրենք գործածէ (Առ. 19։17. Բ. Կոր. 1։3, 4)։
Մեր օրերուն, գաղթական քրիստոնեաները մեր օգնութեան պէտք ունին (տե՛ս պարբերութիւն 16)
17. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հիմակուընէ զարգացնենք եղբայրսիրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։
17 Մեծ նեղութեան ժամանակ, պէտք պիտի ունենանք հիմակուընէ աւելի իրարու օգնելու (Ամբ. 3։16-18)։ Ատոր համար, Եհովան հիմա մեզ կը մարզէ որ զարգացնենք եղբայրսիրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։ Այս երկու յատկութիւնները շատ կարեւոր պիտի ըլլան ապագային։
ԱՊԱԳԱՅԻՆ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ
18. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել առաջին դարու եբրայեցի քրիստոնեաները։
18 Ինչպէս որ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, այն քրիստոնեաները որոնք լեռները փախան՝ իրենց կեանքը ազատեցին երբ Երուսաղէմը կործանեցաւ։ Անոնք քաղաքը ձգեցին, բայց Եհովան բնա՛ւ զանոնք չձգեց։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոնցմէ։ Մենք չենք գիտեր որ ապագային ճիշդ ի՛նչ բաներ պիտի ըլլան, բայց կան բաներ որ գիտենք։ Օրինակ, գիտենք որ պէտք է պատրաստ մնանք, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ (Ղուկ. 12։40)։ Նաեւ գիտենք որ եբրայեցիներուն գրած Պօղոսին նամակին խրատները պէտք է գործադրենք։ Առաւել, գիտենք որ Եհովան ամէն մէկուս խոստացած է, որ բնա՛ւ մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ (Եբ. 13։5, 6)։ Ուրեմն, չորս աչքով սպասենք այն քաղաքին որ պիտի մնայ, այսինքն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան, որպէսզի վայելենք ատոր բերելիք յաւիտենական օրհնութիւնները (Մատ. 25։34)։
ԵՐԳ 157 Վե՛րջապէս խաղաղ կեանք
a Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ընդհանրապէս քաղաքներու վրայ թագաւորներ կ’իշխէին։ Այսպիսի քաղաքներ կրնային թագաւորութիւն նկատուիլ (Ծն. 14։2)։
b Ասիկա պատահեցաւ Ք.Ե. 67–ին, այսինքն՝ քրիստոնեաները Հրէաստանէն ու Երուսաղէմէն փախչելէն քիչ ժամանակ ետք։
c «Եղբայրսիրութիւն» թարգմանուած բառը կրնայ ակնարկել բառացի ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ եղած սիրոյն։ Բայց հոս Պօղոս այս բառը կը գործածէ ակնարկելու համար այն զօրաւոր սիրոյն, որ ունինք մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։