Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/04 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Օգոստոս 9–ով Սկսող Շաբաթ
  • Օգոստոս 16–ով Սկսող Շաբաթ
  • Օգոստոս 23–ով Սկսող Շաբաթ
  • Օգոստոս 30–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 8/04 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Օգոստոս 9–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 57

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Եթէ էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները ժողովքիդ թաղամասին համար գործնական են, զանոնք գործածէ՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրելու համար։ Կարելի է ուրիշ ներկայացումներ գործածել։ Նուիրատուութեան կարգադրութիւնը թող յիշուի։ Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնէ որ յառաջիկայ շաբաթ իրենց հետ բերեն Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։

15 վյրկ. «Համբերատարութիւնը Վարձահատոյց Է»։a Պարփակէ համառօտ մեկնաբանութիւններ՝ Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 2000 թիւէն, էջ 22-23, պարբերութիւն 15-18։

20 վյրկ. Թերթիկներ Գործածենք՝ Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Նոյեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վրայ, էջ 3-4։ Աչքառու դարձուր թէ կ’ուզենք իւրաքանչիւր աշակերտի պարագաներուն յարմարիլ, ինչպէս նշուած է 5–րդ պարբերութեան մէջ։ Մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ պարփակէ, հիմնուած՝ 8-10–րդ պարբերութիւններուն վրայ։ Բայց եթէ թաղամասիդ մէջ ուրիշ մօտեցում մը ազդու է, զա՛յն բացատրէ ու ցուցադրէ։ Ներկաներէն խնդրէ որ փորձառութիւններ պատմեն, որ ունեցած են գործածելով Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը։

Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 16–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 143

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Ճշմարտութիւնը Զաւակներուդ Մէջ Քանդակէ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Ընտանիք գիրքին վրայ, էջ 55-59։ Քննարկէ այն չորս կերպերը, որով ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ Եհովայի հետ սերտ ու անձնական յարաբերութիւն մշակեն, նիւթին գործնական կիրարկումը ընելով։

20 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 2»։b Հինգ վայրկեան տեւող ցուցադրութիւն մը պարփակէ։ Հրատարակիչ մը երէցի մը կը հարցնէ թէ ի՛նչպէս կրնայ Աստուածաշունչի աշակերտի մը օգնել որ յառաջդիմէ։ Երէցը կը յիշէ թէ սովորական ծուղակ մըն է ուսումնասիրութեան ընթացքին շատ ժամանակ անցընել, խօսելով աննշան մանրամասնութիւններու եւ երկրորդական կէտերու մասին։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 9–րդ դասը գործածելով, ան հրատարակիչին ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնայ (1) նիւթին գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանալ, (2) նշուած համարները ազդուօրէն գործածել, եւ (3) դասը աշակերտին կարիքներուն յարմարցնել։ Ան կը յիշէ թէ լաւ նախապատրաստուիլը անհրաժեշտ է՝ ամէն անգամ որ ուսումնասիրութիւն մը պիտի վարուի։

Երգեցողութիւն Թիւ 85 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 23–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 33

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Ցուցադրէ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը։ Ցուցադրութիւններուն մէկուն մէջ, ուսուցիչի մը վկայելու կերպը ցուցադրէ։

10 վյրկ. «Նոր Կարգադրութիւն՝ Համաժողովներու Յայտագիրները Վերաքաղ Ընելու Համար»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Յառաջիկայ շրջանային համաժողովի ու միօրեայ մասնաւոր համաժողովի թուականները յիշէ, եթէ մատչելի են։ Մկրտուիլ փափաքողները բաւական առաջուընէ վերակացու տեսուչը պէտք է տեղեակ պահեն։

20 վյրկ. Սեպտեմբերի Ընթացքին Ստեղծիչ Գիրքը Ներկայացնենք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Գրականութեան մասին եղած կարգ մը մեկնաբանութիւններ յիշէ։ (w99 6/15 էջ 25-26) Գիրքին բովանդակութիւնը ամփոփէ, եւ մասնայատուկ կէտեր յիշէ, որ կրնան տեղական թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց սիրտին դպչիլ։ ( թծ 2/99 էջ 1. թծ 4/99 էջ 2. թծ 9/99 էջ 2) Ուրուագծէ պարզ ներկայացում մը, գործածելով՝ Պատճառաբանել գիրքէն կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն բացում մը, համար մը եւ Ստեղծիչ գիրքէն կէտ մը կամ գլուխ մը։ Թող ատակ հրատարակիչ մը այս ներկայացումը ցուցադրէ։

Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 30–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. «Ծառաներու Մարզումի Դպրոց՝ Գործունէութեան Առաջնորդող Մեծ Դուռ»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Պարփակէ կէտեր՝ 2004–ի Տարեգիրք–էն, էջ 239-240։ Յիշէ թէ շրջանային համաժողովին տեղի կ’ունենայ ժողով մը, որ տրամադրուած է անոնց որ կը փափաքին Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախել։ Որակեալ անհատները քաջալերէ որ այս ժողովին ներկայ գտնուին։

20 վյրկ. Օգտուա՞ծ Ես։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին լոյս տեսած հետեւեալ թելադրութիւնները վերաքաղ ըրէ. Բացումդ թուղթի մը վրայ գրէ։ (թծ 10/03 էջ 8) Անհատական, մասնայատուկ եւ անկեղծ գովասանք ներկայացուր։ (թծ 11/03 էջ 1) Վկայէ, երբ աւելի հաւանական է որ մարդիկ տունը գտնուին։ (թծ 12/03 էջ 1) Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, ժողովի պատրաստութեան ու դաշտի ծառայութեան համար հաստատ ժամանակներ որոշէ։ (թծ 1/04 էջ 4) ‘Բարի Երկիրը’ գրքոյկը գործածէ, երբ անձնական ուսումնասիրութիւն եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն ընես։ (թծ 3/04 էջ 2) Ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալու նպատակակէտ դիր։ (թծ 4/04 էջ 1) Առեւտրական թաղամասին մէջ վկայէ։ (թծ 7/04 էջ 4) Թերթիկներ գործածէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ (թծ 8/04 էջ 2) Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ այս թելադրութիւնները գործադրելով ի՛նչ օգուտներ քաղեցին։

Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 162

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Ռահվիրայական Հոգին Ցուցաբերէ»։c Համառօտաբար հարցազրոյց ունեցիր մէկ կամ երկու ռահվիրաներու հետ։ Անոնք թող պատմեն թէ ի՛նչպէս ծնողներու, երէցներու կամ ուրիշներու օրինակը զիրենք քաջալերեց որ լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլան։

Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել