Ո՞վ անկէ «պիտի ազատի»
«Ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։—ԳՈՐԾՔ 2։21
1. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն ինչո՞ւ մարդկային պատմութեան մէջ առանցքային օր մը եղաւ։
ԱՇԽԱՐՀԻ պատմութեան մէջ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն առանցքային օր մը եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ օրը նոր ազգ մը ծնաւ։ Սկիզբը անիկա մեծ ազգ մը չէր. Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ հաւաքուած Յիսուսի 120 աշակերտներէն բաղկացած էր միայն։ Բայց այսօր, երբ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցած ազգերէն շատեր մոռցուած են, այդ վերնատան մէջ կազմուած ազգը տակաւին մեր մէջ է։ Այս իրողութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի բոլորիս համար, քանի որ այս ազգը Աստուծոյ կողմէ նշանակուած է, որպէսզի մարդկութեան դիմաց իր վկաները ըլլայ։
2. Նոր ազգին ծնունդը ի՞նչ հրաշալի դէպքերով մատնանշուեցաւ։
2 Այդ ազգին կազմութեան սկիզբը կարեւոր դէպքեր պատահեցան, կատարելով Յովէլի մարգարէական խօսքերը։ Այս դէպքին մասին կը կարդանք Գործք Առաքելոց 2։2-4–ի մէջ. «Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար»։ Այս կերպով այս 120 այրերն ու կիները հոգեւոր ազգ մը եղան, հետագային Պօղոսի կոչած՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի առաջին անդամները։—Գաղատացիս 6։16
3. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յովէլի ո՞ր մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։
3 Ժողովուրդներ հաւաքուեցան «սաստկաշունչ հով»ին ինչ ըլլալը գիտնալու համար, եւ Պետրոս առաքեալ անոնց բացատրեց որ Յովէլի մարգարէութիւններէն մէկը կը կատարուէր։ ո՞ր մարգարէութիւնը։ Մտիկ ըրէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ. «Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն եւ իմ ծառաներուս ու իմ աղախիններուս վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ եւ պիտի մարգարէանան։ Վերը երկինքը հրաշքներ պիտի ցուցնեմ ու վարը երկիրը՝ նշաններ, արիւն ու կրակ եւ ծուխի մառախուղ. արեւը խաւարի պիտի դառնայ եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու երեւելի օրը չեկած։ Եւ պիտի ըլլայ որ ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ (Գործք 2։17-21) Պետրոսի մէջբերած համարները կը գտնուին Յովելեայ 2։28-32–ի մէջ, եւ անոնց կատարումը ցոյց կու տար որ Հրեաներուն համար ժամանակը վերջանալու վրայ էր։ Անհաւատարիմ Հրեաներուն համար ‘Եհովայի մեծ ու երեւելի օրը’՝ հաշուետուութեան ժամանակը մօտ էր։ Բայց որո՞նք պիտի կարենային անկէ փրկուիլ կամ ազատիլ։ Իսկ ասիկա ի՞նչ կը նախագուշակէր։
Մարգարէութեան Երկու Կատարումները
4, 5. Գալիք դէպքերուն ի տես, Պետրոս ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ այդ խրատը ինչո՞ւ տարբեր ժամանակներու ալ կիրարկելի է։
4 Հ.Դ. 33–ի յաջորդող տարիներուն, Աստուծոյ հոգեւոր Իսրայէլը ծաղկեցաւ, բայց ո՛չ՝ մարմնաւոր Իսրայէլ ազգը։ Հ.Դ 66–ին, մարմնաւոր Իսրայէլ Հռովմի հետ պատերազմի մէջ էր։ Հ.Դ. 70–ին, Իսրայէլ գրեթէ գոյութենէ դադրեցաւ եւ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը այրեցան ու մոխրացան։ Այս գալիք ողբերգութեան ի տես, Հ.Դ. 33–ին, Պետրոս լաւ խրատներ տուաւ։ Յովելեայէն մէջբերելով, ան ըսաւ. «Ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Իւրաքանչիւր Հրեայ անհատապէս պէտք էր որոշէր Եհովայի անունը կանչել։ Ասիկա իր մէջ կը բովանդակէր Պետրոսի տուած յաջորդ խրատները, «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ (Գործք 2։38) Պետրոսի ունկնդիրները պէ՛տք էր ընդունէին Մեսիան, զոր Իսրայէլ՝ որպէս ազգ՝ մերժած էր։
5 Յովէլի այս մարգարէական խօսքերը շատ մեծ տպաւորութիւն ձգեցին առաջին դարուն ապրող հեզ անհատներու վրայ։ Սակայն անոնք շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին ներկայիս, քանի որ Ի. դարու դէպքերը ցոյց կու տան որ Յովէլի մարգարէութիւնը երկրորդ կատարում մը ունեցած է։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։
6. Մինչ 1914–ը կը մօտենար, Աստուծոյ Իսրայէլին ինքնութիւնը ի՞նչպէս յստակացաւ։
6 Առաքեալներու մահէն ետք, Աստուծոյ Իսրայէլը կեղծ Քրիստոնէութեան որոմներուն մէջ ծածկուեցաւ։ Բայց վերջին ժամանակի ընթացքին, որ 1914–ին սկսաւ, այս հոգեւոր ազգին ինքնութիւնը անգամ մը եւս պարզուեցաւ։ Ասիկա Յիսուսի ցորենի ու որոմի առակին կատարումն էր։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43) Մինչ 1914–ը կը մօտենար, օծեալ Քրիստոնեաները սկսան իրենք զիրենք անջատել անհաւատարիմ Քրիստոնեայ Աշխարհէն, խիզախօրէն մերժելով սուտ վարդապետութիւնները եւ քարոզելով մօտալուտ «ազգերուն սահմանուած ժամանակներ»ը։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ) Բայց առաջին աշխարհամարտը որ սկսաւ 1914–ին, այնպիսի հարցեր յարուց, որոնց համար տակաւին պատրաստուած չէին։ Սաստիկ ճնշումի ներքեւ, շատեր դանդաղեցան եւ զիջումներ ըրին։ 1918–ին, անոնց քարոզչութիւնը իրապէս դադրած էր։
7. (ա) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին նմանող ի՞նչ դէպք պատահեցաւ 1919–ին։ (բ) 1919–էն սկսեալ, Եհովայի հոգիին թափուիլը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Եհովայի ծառաներուն վրայ։
7 Սակայն, ասիկա երկար չտեւեց։ 1919–էն սկսեալ, Եհովա սկսաւ իր հոգին թափել իր ժողովուրդին վրայ այնպիսի կերպով մը, որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն կը յիշեցնէր։ Անշուշտ, 1919–ին, ո՛չ լեզուներ խօսուեցան եւ ոչ ալ սաստակշունչ հով փչեց։ Ա. Կորնթացիս 13։8–էն կը հասկնանք որ հրաշքներու ժամանակը շատոնց վերջ գտած էր։ Սակայն Աստուծոյ հոգին բացայայտ էր 1919–ին, երբ Ամերիկայի Օհայօ Նահանգի Սիտըր Փոյնթի մէջ, հաւատարիմ Քրիստոնեաները կազդուրուեցան եւ անգամ մը եւս սկսան քարոզել Թագաւորութեան բարի լուրը։ 1922–ին, անոնք դարձեալ գացին Սիտըր Փոյնթ եւ հոն տրուած՝ «Ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը» կոչը, զիրենք ոգեւորեց։ Ինչպէս Ա. դարուն պատահած էր, աշխարհ ստիպուեցաւ նշմարելու Աստուծոյ հոգիին թափուած ըլլալուն ազդեցութիւնները։ Իւրաքանչիւր նուիրուած Քրիստոնեայ՝ այր թէ կին, ծեր թէ երիտասարդ՝ սկսաւ ‘մարգարէանալ’, այսինքն, «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» խօսիլ։ (Գործք 2։11) Պետրոսի նման, անոնք հեզերուն հետեւեալ յորդորը տուին. «Այս խոտորած ազգէն ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք»։ (Գործք 2։40) Այս կոչին ընդառաջողները ի՞նչպէս ըրին ասիկա։ Յովելեայ 2։32–ի մէջ արձանագրուած Յովէլի խօսքին ուշադրութիւն ընծայելով. «Ամէն ով որ Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունը կանչէ, պիտի ազատի»։
8. 1919–էն ի վեր, Աստուծոյ Իսրայէլին համար հարցերը ի՞նչպէս յառաջ գացած են։
8 Այդ սկզբնական տարիներէն ի վեր, Աստուծոյ Իսրայէլին գործերը առաջ ընթացած են։ Օծեալներուն վերջինները հաւաքուած են եւ 1930–ական թուականներէն ի վեր, երկրային յոյս ունեցող հեզ անհատներու մեծ բազմութիւն մը երեւան եկած է։ (Յայտնութիւն 7։3, 9) Բոլորս ալ ստիպողականութեան զգացումը ունինք, քանի որ Յովելեայ 2։28, 29–ի երկրորդ կատարումը ցոյց կու տայ որ Եհովայի շատ աւելի մեծ ու ահաւոր օրուան կը մօտենանք, երբ կրօնական, քաղաքական եւ առեւտրական համաշխարհային դրութիւնը պիտի կործանի։ Ամէ՛ն պատճառ ունինք ‘Եհովայի անունը կանչելու’, հաւատալով որ ինք մեզ պիտի ազատէ։
Եհովայի Անունը Ի՞նչպէս կը Կանչենք
9. Եհովայի անունը կանչելը իր մէջ ի՞նչ բաներ կը պարփակէ։
9 Եհովայի անունը կանչել ի՞նչ կը բովանդակէ։ Յովելեայ 2։28, 29–ի բովանդակութիւնը այս հարցումին պատասխանելու կ’օգնէ։ Օրինակ, Եհովան չի լսեր այն ամենուն որոնք զինք կը կանչեն։ Ուրիշ մարգարէի մը՝ Եսայիի՝ միջոցաւ Եհովա Իսրայէլի կ’ըսէ. «Երբ ձեռքերնիդ տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ»։ Եհովա ինչո՞ւ կը մերժէր իր ժողովուրդին մտիկ ընել։ Ինք կու տայ պատճառը. «Վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են»։ (Եսայեայ 1։15) Եհովա մտիկ չ’ըներ ոեւէ մէկու, որ արիւնապարտ կամ մեղապարտ է։ Անոր համար Պէնտէկոստէին, Պետրոս Հրեաներուն ըսաւ որ զղջան։ Յովելեայ 2։28, 29–ի մէջ, Յովէլ ալ զղջալու վրայ շեշտ կը դնէ։ Օրինակ, Յովելեայ 2։12, 13–ի մէջ կը կարդանք. «Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։ Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները’։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած ու գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ է»։ 1919–էն սկսեալ, օծեալ Քրիստոնեաները այս խօսքերուն համաձայն վարուեցան։ Անոնք իրենց թերացումներուն համար զղջացին եւ վճռեցին անգամ մը եւս զիջումներ չընել կամ չդանդաղիլ։ Ասիկա ճամբան բացաւ որ Աստուծոյ հոգին իրենց վրայ թափուի։ Ամէն անհատ որ կը փափաքի Եհովայի անունը կանչել եւ Իրմէ լսուիլ, պէտք է նոյն ընթացքին հետեւի։
10. (ա) Իրական զղջումը ի՞նչ է։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կ’ընդառաջէ իրական զղջումին ի տես։
10 Յիշեցէք որ ճշմարիտ զղջումը՝ «կը ցաւիմ» ըսելէն աւելին է։ Իսրայելացիները իրենց զգացումներուն սաստկութիւնը ցոյց տալու համար, իրենց հանդերձը պատռելու սովորութիւնը ունէին։ Բայց Եհովա կ’ըսէ՝ «Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։ Իրական զղջումը սրտէն, մեր էութեան խորքէն կու գայ։ Անոր մէջ կ’իյնայ յանցագործութեան կռնակ դարձնել, ինչպէս կը կարդանք Եսայեայ 55։7–ի մէջ. «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] դառնայ»։ Անոր մէջ կ’իյնայ մեղքը ատել, ինչպէս Յիսուս ատեց։ (Եբրայեցիս 1։9) Անկէ ետք, Եհովայի կ’ապաւինինք որ մեր մեղքերը ներէ քաւիչ զոհին հիման վրայ, քանի որ Եհովա «ողորմած ու գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ է»։ Ան պիտի ընդունի մեր պաշտամունքը, մեր հոգեւոր ‘հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը’։ Երբ իր անունը կանչենք, պիտի լսէ մեզի։—Յովելեայ 2։14
11. Ճշմարիտ պաշտամունքը ի՞նչ տեղ պէտք է գրաւէ մեր կեանքին մէջ։
11 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ ուրիշ բան մըն ալ մեր միտքը պէտք է պահենք, երբ ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ (Մատթէոս 6։33) Մեր պաշտամունքը պատահական բան մը պէտք չէ նկատենք, ձեւականօրէն կատարելով զայն, որպէս մեր խիղճը հանգստացնելու կերպ մը։ Արժանի է որ Աստուծոյ ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը գրաւէ։ Ուստի, Յովէլի միջոցով, Եհովա կը շարունակէ ըսել. «Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, . . . ժողովուրդը հաւաքեցէ՛ք, ժողովը սրբեցէ՛ք, ծերերը հաւաքեցէ՛ք. տղաքներն ու կաթնկեր մանուկները հաւաքեցէ՛ք. փեսան իր սենեակէն թող ելլէ ու հարսը՝ իր առագաստէն»։ (Յովելեայ 2։15, 16) Բնական է որ նոր ամուսնացածները մտացիր ըլլան, միմիայն իրարու մասին մտածելով։ Բայց նոյնիսկ անոնց համար, ամէն բանէ առաջ Եհովայի ծառայութիւնը պէտք է գայ։ Որե՛ւէ բան մեր Աստուածը պաշտելու համար հաւաքուելէն ու իր անունը կանչելէն առաջ չի գար։
12. Անցեալ տարուան տեղեկագրութիւնը աճումի ի՞նչ կարելիութիւն ցոյց կու տար։
12 Ասիկա ի մտի ունենալով, լաւ է որ 1997–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութեան յայտնաբերած փորձագիտանքը նկատի առնենք։ Անցեալ տարի, Թագաւորութեան հրատարակիչներու 5,599,931 բարձրակէտ մը ունեցանք. արդարեւ փառաբանողներու մե՜ծ բազմութիւն մը։ Յիշատակատօնին ներկաներն էին 14,322,226. հրատարակիչներու թիւէն աւելի քան ութուկէս միլիոն։ Այդ թիւը աճման հոյակապ հնարաւորութիւն ցոյց կու տայ։ Այդ եօթը միլիոնէն շատեր արդէն Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն Եհովայի Վկաներուն հետ, որպէս հետաքրքրուած անհատներ, կամ մկրտուած ծնողներու զաւակներ։ Մեծ թիւով անհատներ առաջին անգամ ըլլալով ժողովի մը ներկայ կը գտնուէին։ Անոնց ներկայ գտնուիլը Եհովայի Վկաներուն լաւ առիթ մը տուաւ որ անոնց հետ ծանօթանան եւ իրենց յառաջդիմութեան համար օգնութիւն առաջարկեն։ Ապա, կան անոնք որոնք ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին եւ թերեւս կարգ մը ժողովներու ալ կու գան, բայց յաւելեալ յառաջդիմութիւն չեն ըներ։ Անշուշտ, անոնք բարի եկած են մեր ժողովներուն։ Բայց զիրենք կը քաջալերենք որ ուշադիր կերպով խորհին Յովէլի մարգարէական խօսքերուն մասին եւ տեսնեն թէ յաւելեալ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնեն, վստահ ըլլալու համար թէ Եհովա պիտի լսէ իրենց, երբ իր անունը կանչեն։
13. Եթէ մենք արդէն Եհովայի անունը կը կանչենք, ուրիշներուն հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
13 Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ անունը կանչելու ուրիշ մէկ երեսակին վրայ ալ շեշտ կը դնէ։ Հռովմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, ան Յովէլի մարգարէական խօսքերէն մէջբերում ըրաւ. «Ով որ Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» Ապա պատճառաբանեց. «Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։ (Հռովմայեցիս 10։13, 14) Այո, ուրիշներ, որոնք մինչեւ հիմա Եհովան չեն ճանչցած պէտք է իր անունը կանչեն։ Իսկ անոնք որ արդէն կը ճանչնան Եհովան, քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունին, որպէսզի անոնց հասնին եւ այդ օգնութիւնը տան։
Հոգեւոր Դրախտ մը
14, 15. Եհովայի ժողովուրդը իրեն հաճելի կերպով իր անունը կանչելուն որպէս հետեւանք դրախտային ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։
14 Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները հարցը այսպէս կը դիտեն եւ որպէս հետեւանք Եհովա կ’օրհնէ զիրենք։ «Տէրը իր երկրին համար նախանձախնդիր պիտի ըլլայ ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի»։ (Յովելեայ 2։18) 1919–ին, Եհովա իր ժողովուրդին հանդէպ նախանձախնդրութիւն եւ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ, երբ զանոնք վերահաստատեց ու հոգեւոր գործունէութեան Իր ծիրին մէջ բերաւ։ Ասիկա իրապէս հոգեւոր դրախտ մըն է, որ հոյակապ կերպով նկարագրուած է Յովէլի կողմէ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ երկիր, ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ։ Ո՛վ դաշտի անասուններ, մի՛ վախնաք, քանզի անապատին արօտները պիտի կանանչանան, քանզի ծառը իր պտուղը պիտի տայ, թզենին ու որթատունկը իրենց արդիւնքը պիտի տան։ Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիօնի որդիներ, ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք, քանզի անիկա պէտք եղած չափով առաջին անձրեւը ձեզի պիտի տայ, ձեզի անձրեւ պիտի տեղացնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը առաջուան պէս։ Կալերը ցորենով պիտի լեցուին, հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին»։—Յովելեայ 2։21-24
15 Ի՜նչ հաճելի պատկեր մը։ Իսրայէլի մէջ կեանքի հիմնական երեք տարրեր՝ ցորենը, իւղը եւ գինին՝ առատօրէն պիտի հայթայթուէին, բազմաթիւ հօտերու հետ։ Մեր օրերուն, այս մարգարէական խօսքերը հոգեւոր առումով կը կատարուին։ Եհովա կու տայ մեզի հարկ եղած բոլոր հոգեւոր կերակուրը։ Աստուծոյ տուած այս առատութեան համար ուրախ չե՞նք։ Արդարեւ, ինչպէս Մաղաքիան նախագուշակեց, Աստուած ‘երկնքի պատուհանները բացած ու մեր վրայ օրհնութիւններ տեղացուցած է, այնպէս որ՝ բանի մը կարիքը չունինք’։—Մաղաքեայ 3։10
Իրերու Դրութեան Վախճանը
16. (ա) Եհովայի հոգիին թափուիլը ի՞նչ կը նշանակէ մեր օրերուն։ (բ) Ապագան ի՞նչ վերապահած է։
16 Աստուծոյ ժողովուրդին դրախտանման վիճակին մասին նախագուշակելէ ետքն է որ Յովէլ կը մարգարէանայ Եհովայի հոգիին թափուելուն մասին։ Երբ Պետրոս Պէնտէկոստէին մէջբերեց այս մարգարէութիւնը, ան ըսաւ որ անիկա «վերջին օրեր»ուն կը կատարուէր։ (Գործք 2։17) Այդ ժամանակ Աստուծոյ հոգիին թափուիլը կը նշանակէր որ հրէական իրերու դրութեան վերջին օրերը սկսած էին։ Քսաներորդ դարուն Աստուծոյ Իսրայէլի վրայ Աստուծոյ հոգիին թափուիլը կը նշանակէ թէ մենք իրերու ներկայ համաշխարհային դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Արդ, ապագան ի՞նչ վերապահած է։ Յովէլի մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։ Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։—Յովելեայ 2։30, 31
17, 18. (ա) Եհովայի ո՞ր ահեղ օրը եկաւ Երուսաղէմի վրայ։ (բ) Ապագայ Եհովայի ահեղ օրուան մը գալուն երաշխիքը ի՞նչ ընելու կը մղէ մեզ։
17 Հ.Դ. 66–ին, մարգարէական այս խօսքերը սկսան իրականանալ Յուդայի մէջ, մինչ դէպքերը անողոքօրէն կ’ընթանային դէպի Հ.Դ. 70–ի Եհովայի ահեղ օրուան։ Ի՜նչ սարսափելի էր, այդ ժամանակ Եհովայի անունը չկանչողներուն մէջ գտնուիլ։ Ներկայիս, նոյնքան սարսափելի դէպքեր կը սպասեն մեզ, երբ իրերու ամբողջ դրութիւնը պիտի կործանի Եհովայի ձեռքով։ Տակաւին կարելի է անկէ խուսափիլ։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Ամէն ով որ Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունը կանչէ, պիտի ազատի. քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝ Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։ (Յովելեայ 2։32) Եհովայի Վկաները իրապէս երախտապարտ են որ Եհովայի անունը գիտեն եւ կատարեալ վստահութիւն ունին որ երբ զինք կանչեն, Ան պիտի ազատէ զիրենք։
18 Արդ, ի՞նչ պիտի պատահի, երբ Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը մեծ ցասումով հարուածէ այս աշխարհը։ Այս մասին պիտի խօսինք ուսումնասիրութեան վերջին յօդուածին մէջ։
[Նկար՝ էջ 10]
Կը Յիշէ՞ք
◻ Եհովա առաջին անգամ ե՞րբ իր հոգին թափեց իր ժողովուրդին վրայ։
◻ Եհովայի անունը կանչելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
◻ Եհովայի մեծ եւ նշանաւոր օրը ե՞րբ եկաւ մարմնաւոր Իսրայէլի վրայ։
◻ Եհովա ի՞նչպէս կ’օրհնէ ներկայիս իր անունը կանչողները։